Uncategorized

Ալէքսին Արկածները ՄիԳ-երով եւ Միլլիոններով

Քաղաքական համաշխարհային դոհ ու բոհին մէջ անգամ մը եւս հայրենի լրատուամիջոցները մասնակից կը դառնան խայտառակ միջադէպի մը: Աւելի քան տարի մը առաջ անդրադարձած էի լրատուամիջոցի մը մէկ այլ խայտառակութեան, որ «թեժ նիւթ» ստեղծելու նպատակով նկարահանած էր տեսանիւթ մը, որ կրնար դառնալ ազգամիջեան ատելութիւն սերմանելու միջոց, բարեբախտաբար չդարձաւ:

Այս անգամ հերոսն ու հեղինակները տարբեր են, բայց ինչքան զաւեշտալի թուի, իրականութեան մէջ խնդիրը աւելի վտանգաւոր է ու գռեհիկ: Ես իհարկէ միայն կրնամ ցաւակցիլ հերոսին՝ իր ապրած փորձութիւններուն համար, բայց չեմ կրնար ներել ո’չ իր, եւ ո’չ իրեն բարձրախօս երկարած լրատուամիջոցներուն, որոնք կրկին անգամ ամբողջ ժողովուրդի մը ողբերգութիւնը դարձուցած են եկամուտի աղբիւր՝ ամենազզուելի «սցենարով»:

Չեմ ուզեր անդրադառնալ Ալէքսին եւ իր հեքիաթային չափազանցութիւններուն. իր տեսակին ծանօթ է ցանկացած հալէպահայ, եւ պատեհ չէ, որ բամբասանքի վերածուի այս նիւթը:

Աւելի շատ հարկ է խօսիլ լրատումիջոցներու ոչ արհեստավարժ պահուածքին մասին, անդրադառնալ հնարաւոր շարժառիթներուն:

Բոլորիս քիչ թէ շատ յայտնի է թէ վերջին շրջանին ինչքան այժմէական է սուրիահայութեան թեման, եւ լրատուամիջոցներու վարկանշային մրցավազքին մէջ, ինչքան թեժ նիւթով հանդէս գայ տուեալ ընկերութիւնը, այնքան «հիթային» կ’ըլլայ արձագանքը, եւ թքա՛ծ, որ այդ նիւթին մէջ օգտագործուած կիսահորինուած, չափազանցուած հեքիաթները  բացասական ազդեցութիւն ունենան հեռուստադիտողի վրայ, թքա՛ծ, որ իրականութեան մէջ այս օր Սուրիոյ մէջ տասնեակ հազարաւոր հայեր կան, որոնց կեանքը վտանգուած է, եւ կը շարունակեն գոյատեւել թէեւ տարբեր տարիքի զոհեր կու տան, որոնց մասին լուսաբանելը այս պահին աւելի ճիշտ եւ արհեստավարժ պէտք է համարուի, այլ ոչ թէ էժանագին եւ կեղծ դրամատիկ մեթոդներով նկարահանուած տեսանիւթ մը, որ լի է աչք ծակող անհեթեթութիւններով եւ կեղծիքներով:

Խօսելով արհեստավարժութեան մասին պէտք է նշել, լուսաբանման եւ քօղազրկման կարիք ունի Սուրիոյ վերաբերող մէկ այլ թեմա, ինչը հետաքննող եւ բացայայտող լրագրողը իսկական հերոս պէտք է համարուի իր ոլորտին մէջ:

Սուրիոյ խնդրի արդիականութիւնը, մէջբերուած եւ այլ նմանատիպ տեսանիւթերը համատեղ գործիքի կը վերածուին տաբեր պետական եւ ոչ պետական մարմիններու կողմէ, որպէսզի սուրիացիներու կեանքի գնով եկամուտի նոր աղբիւրներ յայթյայթեն:

Գիտենք թէ ինչ մեծ գումարներ կը յատկացուի այդ կառոյցներուն, որպէսզի հոգան աղետալի պատերազմէն փրկուած ու հայրենիք հասած այդ հազարաւոր մարդկանց կարիքները, գաղտնիք չեն այդ գումարներուն աղբիւրները՝ Եւրոպական եւ Արաբական պետութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններ, բարեսիրական միութիւններ, եւայլն: Բայց անյայտ է թէ ինչ արդարութեամբ կ’օգտագործուին այդ գումարները, ի՞նչ օգտակար գործողութեան գործակից ունին այդ ծրագիրները, որոնք կը կազմուին ու կը ներկայացուին վիրոյիշեալ մարմիններու կողմէ, եւ այդ ծրագիրներուն քանի՞ տոկոսն է, որ ճիշդ եւ ամբողջութեամբ կը հասնի իր նպատակին:

Ահա աւելի հետաքրքիր եւ ինչու չէ նաեւ աղմկալի՝ չէ որ ոմանց համար աղմուկը աւելի կարեւոր է քան իմաստը, լրատուական հետաքննութեան թեմա մը, որը խորհուրդ կու տամ բարձրացնել մեր լրատուամիջոցներուն, եթէ ոչ բոլորին, գոնէ քիչ թէ շատ կշռադատուած ըլլալու համբաւը ձեռք բերողներուն:

Եւ որպէս վերջաբան պատկեր մը մեր հերոս Ալէքսին Երեւանեան դժուար ապրուստէն: Անպատեհ պատկերներուն համար նախապէս ներողութիւն:

Կեցցե՛ս Ալէքս, Կեցցե՛ս Հերոս:

Alex Shekherdemian Armenia Fun Time Facebook Snapshot

2 Comments

  • Alex

    If someone try to change he's life from bad situations to try to live good lil bit.. That's big problem for you. ??? Shame on you as Armenian talking bad on to country people.. We are not Turkish.. If your mind work like this . I wanna think you are not Armenian . Go fuck your self it's much better then you talk on me.