• Ալէքսին Արկածները ՄիԳ-երով եւ Միլլիոններով

    Քաղաքական համաշխարհային դոհ ու բոհին մէջ անգամ մը եւս հայրենի լրատուամիջոցները մասնակից կը դառնան խայտառակ միջադէպի մը: Աւելի քան տարի մը առաջ անդրադարձած էի լրատուամիջոցի մը մէկ այլ խայտառակութեան, որ «թեժ նիւթ» ստեղծելու նպատակով նկարահանած էր տեսանիւթ մը, որ կրնար դառնալ ազգամիջեան ատելութիւն սերմանելու միջոց, բարեբախտաբար չդարձաւ: Այս անգամ հերոսն ու հեղինակները տարբեր են, բայց ինչքան զաւեշտալի թուի, իրականութեան մէջ խնդիրը աւելի վտանգաւոր է ու գռեհիկ: Ես իհարկէ միայն կրնամ ցաւակցիլ հերոսին՝ իր ապրած փորձութիւններուն համար, բայց չեմ կրնար ներել ո’չ իր, եւ ո’չ իրեն բարձրախօս երկարած լրատուամիջոցներուն, որոնք կրկին անգամ ամբողջ ժողովուրդի մը ողբերգութիւնը դարձուցած են եկամուտի աղբիւր՝ ամենազզուելի «սցենարով»: Չեմ ուզեր անդրադառնալ Ալէքսին եւ իր հեքիաթային չափազանցութիւններուն. իր տեսակին ծանօթ…