Աշխարհը խեղդուելու եզրին է «Մեծամասնութիւններու» պատերազմին պատճառած համատարած ճահիճին մէջ: Միլիոնաւոր մարդիկ ամէն օր լուսաբացը կը դիմաւորէն յաջորդը չտեսնելու վախով, երբեմն նոյնիսկ յոյսով ու բաղձանքով:
Սով, պատերազմ, հիվանդութիւն ահա այդ հսկայական «մարդաղացի» եռոտանին, որուն վրայ հիմնուած է մեքենան, իսկ շարժիչը ագահութիւնն է: Իսկական փոքրամասնութիւններուն ագահութիւնը, որ կախարդական սրինգներու հնչիւններով իրենց ենթարկած են միլիոնաւոր մարդկանց ուշադրութիւնը, եւ դառցած կեղծ «մեծամասնութիւններ»:
Ինչքան կը խտանան ամբոխներու շարքերը, այնքան կը չքանայ ամօթը եւ ի յայտ կու գան ամբողջ փողերախումբերու կազմերը, ռազմական քայլերգերով: Քայլերգերով կ’ուղորդեն ամբոխներու քայլերթերը, ընդդէմ միմեանց: Եւ ահա բախման պահին է որ կը լսենք իսկական սրինգի մեղեդին՝ մեծամասնութիւն դառնալու ամենաարժանի փոքրամասնութեան սթափեցնող ճիչը:
Այս փոքրամասնութիւնը կրօն չունի, բայց իր հաւատքը անքակտելի է, կը հաւատայ՝ բարիին, անկեղծին, մաքուրին ու գեղեցիկին, կը հաւատայ մարդկայնութեան:
Ահա եւս մէկ ճիչ՝ պորթկում մը, որ կը փխի այս փոքրամասնութեան առաջամարտիկներէն մէկուն՝ Արէնիյին, շուրթերէն:
Ստորեւ փորձած եմ թարգմանել գործին միտքը արաբերէն բնագրէն:
Այո ես փոքրամասնութիւն եմ,
Եւ յանցաւոր չեմ անցեալի վէճերուն համար,
մեղաւոր չեմ սնահաւատ ազգի մը համար:
Չեմ թոյլ տար, որ ինծի փակէք անկեան մէջ,
եւ աստուածներուն պատժին ես չեմ հաւատար,
կրօններու յաւիտենականութենէն չեմ վախնար:
Ըսին որ արարքներուն միտումներն են կարեւոր,
ըսե՛ք ի՞նչ է միտումը այս ամեն դաժանութիւններուն, որ կը տեսնենք:
Ո՞ր արդարութիւնը կ’արտօնէ խոցել աղջիկներուն, գեղեցկուհիներուն գերեվարել, եւ իրենց հարճ դարձնել:
Մինչեւ ե՞րբ կը ծաղրուին ուղեղները, եւ կը մեծարուին աղոթքները:
Մինչեւ ե՞րբ ծայր կը նետուին աղքատներն ու կը վատնուին ունեցուածքները:
Մինչեւ ե՞րբ կը կառուցուին տաճառներ երբ մարդը սովամահ կ’ըլլայ:
Իրաւունքն է որ պատուին հիւանդանոցներ,
գիտութեան կաճառներ՝ որ մշակույթները ծաղկին:
Ո՛չ ոսկեզարդ տաճառներ:
Ո՛չ սին տուներ ուր կ’արտոնուի ամեն ինչ որ արգիլուած է,
արգիլուած ըստ շահերու եւ համաձայնութիւններու:
Ե՞րբ կը բարձրանանք աւելի պայծառ վաղուան եւ կը մոռնանք մթության դարաշրջանը:
Ե՞րբ կ’ազատուինք կապանքներէն եւ սովորոյթներէն:
Թող ըլլայ մտքերու եւ արարչութեան, ոչ աւազակախմբերու ազատութիւն:
Ոչ քողերու եւ սրբապատկերներու ազատութիւն:
Այո աւաղ ես փոքրամասնութիւն եմ
Մերժեցի դասուիլ շարքերու մէջ,
Նմանիս չի տրուիր դասուելու պատիւը:
Որոշ հասարակութիւններու մէջ խախտում կը համարուինք:
Ուրիշ միջավայրներու մէջ անհաւատ ենք մենք:
Ով միտքը կը գերադասէ անցողիկ առասպելներէն՝
պէ’տք է որ սպանուի եւ ոչնչացուի, որպէսզի զերծ մնան իր պատճառած «ժանտէն»,
Փոքրամասնութիւն ենք՝ Մահուան դատապարտուած…
Արենի Տիգրանեան