Կարդալով Հայրենիք կայքին մէջ տեղադրուած յօդուածը ու զգալով այն աղետալի վիճակը, որուն մէջ կը գտնուի մեր ազգը այսօր՝ հայրենիքի մէջ կամ դուրսը, որոշեցի մի քանի մեկնաբանութիւններ հաւաքել այս յօդուածիս մէջ մի քանի կետով: Ա. Նախ անդրադառնամ յօդուածին սկիզբը գրուած այս տողին՝ «…սուրիահայութեան արտագաղթը, կամ նոյնիսկ Հայաստան ներգաղթը, չքաջալերուեցաւ՝ արդարացիօրէն։» Կը կարծեմ, որ արդարացի չէր, չէ եւ երբեք չի կրնար ըլլալ Հայաստան ներգաղթի չքաջալերող որեւէ կոչ կամ յայտարարութիւն քանի որ՝ 1- Հայրենիք ներգաղթի որեւէ առիթ, ալիք, ցանկութիւն կամ նախաձեռնութիւն միայն քաջալերանքի արժանի է՝ մէկ կողմ դնելով այն բոլոր դժուարութիւնները որոնց մէջ կը գտնուի հայրենիքը այսօր, եւ որոնց պատճառով այդ սուրիահայերը իրենց հերթին իրենց բաժին դժուարութիւնները պիտի կրեն այնտեղ հաստատուելու ճանապարհին, ի…
-
-
First Chapter – Last Judgement
The Last Judgment, one of the most famous icons of the Aleppine school (canvas, 400x600cm, 1703 by Nehmatallah Hovsep) This 18th century painting represents the first chapter of my childhood; – Look at all those people held by snakes. – Those are satan’s soldiers, torturing bad people, and that’s satan in the corner. – Bad people will end up there, in hell. This was a sample of our childhood conversations at the Haygazian Armenian elementary school in Aleppo, which was in the same estate as the Forty Martyrs Armenian church, which was bombed and leveled two days ago. Every Friday at 8 AM they took 5th and 6th graders to…
-
Ալէքսին Արկածները ՄիԳ-երով եւ Միլլիոններով
Քաղաքական համաշխարհային դոհ ու բոհին մէջ անգամ մը եւս հայրենի լրատուամիջոցները մասնակից կը դառնան խայտառակ միջադէպի մը: Աւելի քան տարի մը առաջ անդրադարձած էի լրատուամիջոցի մը մէկ այլ խայտառակութեան, որ «թեժ նիւթ» ստեղծելու նպատակով նկարահանած էր տեսանիւթ մը, որ կրնար դառնալ ազգամիջեան ատելութիւն սերմանելու միջոց, բարեբախտաբար չդարձաւ: Այս անգամ հերոսն ու հեղինակները տարբեր են, բայց ինչքան զաւեշտալի թուի, իրականութեան մէջ խնդիրը աւելի վտանգաւոր է ու գռեհիկ: Ես իհարկէ միայն կրնամ ցաւակցիլ հերոսին՝ իր ապրած փորձութիւններուն համար, բայց չեմ կրնար ներել ո’չ իր, եւ ո’չ իրեն բարձրախօս երկարած լրատուամիջոցներուն, որոնք կրկին անգամ ամբողջ ժողովուրդի մը ողբերգութիւնը դարձուցած են եկամուտի աղբիւր՝ ամենազզուելի «սցենարով»: Չեմ ուզեր անդրադառնալ Ալէքսին եւ իր հեքիաթային չափազանցութիւններուն. իր տեսակին ծանօթ…
-
ՍկուտեղԷն այն կողմ
Արդէն երկրորդ տարին թեւակոխած եւ հանգուցալուծման մօտենալ չցանկացող Սուրիական պատերազմը առաջ բերաւ, շարք մը պակաս լուրջ, այնուամէնայնիւ զուտ հայկական խնդիրներ. հազարաւոր հայեր ստիպուած եղան լքել իրենց ծննդավայրը եւ բռնեցին հայրենիքի ճամբան:Հայաստան հասած երիտասարդներուն ոչ առաջին բայց ամէնակարեւոր խնդիրը դարձաւ աշխատանքի խնդիրը, անոնք դժուարութիւն ունեցան համակերպելու Հայաստանեան իրականութեան հետ՝ քիչ աշխատատեղեր, ցած աշխատավարձ, յատկապես, որ անոնց մեծ մասը չ’ուզեց աշխատիլ սպասարկման ոլորտին մէջ: Այստեղ հարկ կը տեսնեմ շատ կարճ ակնարկ մը նետել 90-ականներու Հալէպին, երբ «հոգատար» ծնողները, հետեւելով «նորաոճութեան» եւ կլանուելով թանկարժեք մետաղի փայլքով, որոշեցին, որ իրենց զաւակները պէտք չէ ձեռք բերեն «աղտոտ» արհեստներ, այլ անցնին ոսկերչութեան: Այս ակնարկը ուղիղ կապ չ’ունի ներկայ իրավիճակին հետ. իրավիճակը այնուամէնայնիւ արդիւնքն է առաջինին՝ մերժել…
-
Pardon my French but F* off and leave Armenia!
Երեկ տեսայ hաղորդագրութիւն մը : Կը դիտէի սուրիահայերու Հայաստանի մէջ յարմարուելու մասին կամ աւելի ճիշտ չյարմարուելուն, բարձր գիներու, տեղաբնիկներու մօտեցման, վերաբերմունքի, եւայլ պատճառներով: Յաջորդեց բուռն քննարկումներ տարբեր էջերու մէջ, կը տեսնէի թէ ինչպէս մարդիկ վրդոված են իրավիճակէն, եւ ի հարկէ հնարաւոր չէր զսպել ջղայնութիւնս, մանաւանդ երբ բանը հասած էր անոր, որ կրկին անգամ հայը կը բնովէ իր հայրենիքը, որ վատ թէ լաւ, նեղ թէ լայն, դուռ մը բացած է իր առաջ, որպէսզի գլուխը փրկէ այս խելայեղ օրերուն: Ես արդէն վեց տարի է ինչ կ’ապրիմ Հայաստանի մէջ, հնարաւոր է վեց տարին բաւական ժամանակ չէ, բայց այդ տարիներու ընթացքին երբէք չխաբուեցայ, ոչ ոք ինծի վիրաւորեց կամ նեղացուց միայն այն պատճառով, որ սփիւռքահայ…
-
Dead inside
It’s been more than a year and half that the situation in the land where I was born and raised is in huge trouble. And the crisis is getting worst everyday, more fights, more bombings, more dead bodies; children, women, men, and all for nothing..The only thing that’s happening now with the people, who are the only party in all this mess that matter to me, is that they’re dying, those who are lucky enough to be still alive are dying inside, they’re losing their souls, their feelings, sometimes even their faiths. Me too, I’m starting to lose faith in everything, the other day I even saw a photo of…