Երեկ տեսայ hաղորդագրութիւն մը : Կը դիտէի սուրիահայերու Հայաստանի մէջ յարմարուելու մասին կամ աւելի ճիշտ չյարմարուելուն, բարձր գիներու, տեղաբնիկներու մօտեցման, վերաբերմունքի, եւայլ պատճառներով:
Յաջորդեց բուռն քննարկումներ տարբեր էջերու մէջ, կը տեսնէի թէ ինչպէս մարդիկ վրդոված են իրավիճակէն, եւ ի հարկէ հնարաւոր չէր զսպել ջղայնութիւնս, մանաւանդ երբ բանը հասած էր անոր, որ կրկին անգամ հայը կը բնովէ իր հայրենիքը, որ վատ թէ լաւ, նեղ թէ լայն, դուռ մը բացած է իր առաջ, որպէսզի գլուխը փրկէ այս խելայեղ օրերուն:
Ես արդէն վեց տարի է ինչ կ’ապրիմ Հայաստանի մէջ, հնարաւոր է վեց տարին բաւական ժամանակ չէ, բայց այդ տարիներու ընթացքին երբէք չխաբուեցայ, ոչ ոք ինծի վիրաւորեց կամ նեղացուց միայն այն պատճառով, որ սփիւռքահայ եմ. այո, եղան վարորդներ որ փորձեցին աւելի գանձել. բայց նշեմ, որ այդ վարորդները բոլորէն է որ բարձր կը փորձեն գանձել, շատ յաճախ նոյնիսկ բնիկներէն, իսկ ատոր դէմ պայքարելու միակ միջոցը քու իրաւունքներուդ տեղեկացուած ըլլալն է, որոնք ի դէպ բոլոր մարդկանց համար նոյնն են մեր քարերու երկրին մէջ, տեղաբնիկ կամ սփիւռքահայ, արաբ կամ պարսիկ: Ամէն երկրի մէջ ալ կան պատեհապաշտներ, որոնք զբօսաշրջիկ մը , կամ շրջանին օտար մը տեսնելով, կ’ուզեն երկու լումայ աւելի տուն տանիլ այդ օրը, յիշեցնեմ թէ ինչպէս նոյն երկրին մէջ երբ Հալէպէն Դամասկոս կ’երթայինք կայարանէն քաղաք տանող թաքսիի վարորդները հաշուիչները սեւ կտորով մը փակած կ’ըլլային եւ պատճառաբանութիւնը կ’ըլլար «անսարք է»…:
Դառնանք քարերու երկրիս, եւ յատկապէս 2012 ի ամառուան, բողոք աջէն ու ձախէն, որ երկրին մէջ սղաճ կայ, որ ժողովուրդը Սուրիահայերուն կը մեղադրէ այդ սղաճին համար, եւ նոյնիսկ իրենց «տուն» կ’ուզէ ղրկել…:
Հայրենակիցներ ամօթ է, հերի՛ք իրար վրայ մուր քսէք, հերի՛ք անսիրտ ու միայն նիւթ լեցնելու հիւանդութեամբ տառապող լրատուամիջոցներու ջրաղացին ջուր լեցնէք: Ինչ կը վերաբերի տան վարձերուն, ես անձամբ վերջին չորս տարուայ մէջ փոխած եմ առնուազն վեց բնակարան, եւ այդ պատճառով անընդհատ հետեւած եմ տան վարձերու վերելքին եւ նուազմանը, այս չորս տարիներու ամենացած գիները տեսած եմ այս վերջին տարուայ ընթացքին:
Գալով մթերքի գիներուն, ես անձամբ չեմ կրնար վկայել որովհետեւ հաշիւ պահելու սովորութիւն չեմ ունեցած երբէք, բայց կրնամ փոխանձել շատ տեղաբնիկներէ լսած վկայութիւններս: Բոլորս ալ գիտենք, որ մեր երկրին մէջ վիճակը ճգնաժամային է, ամէն տարի սղաճ կ’արձանագրուի տարբեր տեսակի սննդամթերքի, կամ այլ ապրանքներու գիներուն վրայ, բայց երեւի կը զարմանաք եթէ ըսեմ, որ շատերէ լսեցի թէ այս տարի ոչ միայն Սուրիահայերու պատուին բարձր սղաճ գրանցուած չէ, աւելին այդ սղաճը համեմատած ուրիշ տարիներու նույնիսկ շատ աւելի քիչ եղած է:
Անհեթեթ կը համարեմ անդրադառնալը, ճաշարանի մը կամ սրճարանի մը մէջ խաբուած ըլլալու հնարաւորութեանը, նոյնիսկ նման բան պատահած ըլլալուն չեմ կրնար հաւատալ, նոյնիսկ եթէ հաւատամ, որ եղած է նման դէպք ուրեմն մեղաւորը միայն եւ միայն յաճախորդն է, որ ներկայացուած հաշիւին մէջ չի կարդար եւ նայիր թէ ինչեր աւելցուած են եւ ինչու համար… (ակամայ յիշեցի շատ սիրելի անեկդոտ մը «մածուն մածուն.. երկու անգամ հաշուած ես»)
Իսկ ժողովուրդի վերաբերմունքին մասին որեւէ մէկը իրաւունք չունի վատ խօսելու կամ գրելու: ժողովուրդը առաջին օրէն դռները բաց պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդունիլ եւ ամէն ձեւով օգնել մեզ (շեշտեմ, որ խօսքս իշխանութիւններուն մասին չէ, այլ մեր նման, շարքային մահկանացուներու) մարդիկ նոյնիսկ բողոքի հաւաքներ կազմակերպեցին ընդդէմ պետական մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու, որպէսզի չուերթներուն գինը յարմարեցուի եւ քանակը շատացուի… Ի հարկէ այս հաւաքները, Սուրիահայերուն ականջին հասան որպէս բողոք ընդդէմ Սուրիահայերու, որուն ի պատասխան տիկին մը յայտարարեց, որ ինքը «կը մնայ եւ արաբներուն մէջ կը մեռնի, բայց Հայաստան չի գար»… Արաբին դէմ բան չունիմ ես՝քաւ լիցի, ընդհակառակը իմ վրդովմունքս զուտ հայկական է, երանի արաբին հեզութիւնը եւ բարութիւնը ունենային հայրենակիցներս:
Չմոռնամ նշել նաեւ, որ ժողովուրդի մի քանի ներկայացուցիչներ անձամբ ինծի առաջարկեցին, որ գտնեմ եւ իրենց տուները տանիմ օգնութեան կամ բնակարանի կարիք ունեցող հայեր, որպէս օրինակ բերեմ իմ տանտէրս, ով դեռ երկու ամիս առաջ ըսաւ «կապ չունի քանի հոգի, տան մէջ ինչքան մարդ կրնաս տեղաւորել, բեր քեզ մօտ թող մնան»… շնորհակալ եմ Խորէն, եւ միւսներ… իրենք անշնորհակալ են բայց ես հազար անգամ շնորհակալ եմ..
Որպէս վերջաբան նամակս կ՛ուղղեմ այս վրդովմունքը ստեղծող, եւ անոր զարգացմանը նպաստող երկու կողմերուն՝ լրատուամիջոցներուն եւ սուրիահայերուն:
Լրատուամիջոցներ, իմացէ՛ք, որ կեղծ եւ չափազանցուած լուսաբանումներով խնդիր չէք լուծեր, այլ գոյութիւն չունեցող խնդիր մը կ’ստեղծէք, որ եթէ շարունակուի պիտի պատճառ դառնայ միջհամայնքային կոնֆլիկթ-ի ստեղծման:
Սուրիահայեր հերի՛ք է ջուր լեցնէք սխալ ջրաղացներու, եթէ իրօք փոխելու բան կայ, իջէ՛ք փողոց մասնակցեցէ՛ք պայքարին, որ բան մըն ալ դուք շտկէք, այլապէս ընդմիշտ պապանձուեցէ՛ք. Հերի՛ք երկրիս քարերը կեղտոտէք ձեր անհեթեթութիւններով:
Խաղաղութիւն
2 Comments
Gevorg Mantashyan
Լավ հոդված է: Ինձ համար այս ամենը նորություն էր: Բայց կարծում եմ ուռճացված խնդիր է:
Cristina Manian Rakedjian
Երկրորդում եմ քեզ, ընկեր Յակոբ, այս յոդուածի թեմայի առումով 🙂 Հայրենիքի այդքան տանջված, տառապանք ապրած միտքը կեղծել այսպես հանցանք է…
Քրիստինա (սփյուռքահայ վերաբնակիչ Արցախում)