• Pardon my French but F* off and leave Armenia!

    Երեկ տեսայ hաղորդագրութիւն մը : Կը դիտէի սուրիահայերու Հայաստանի մէջ յարմարուելու մասին կամ աւելի ճիշտ չյարմարուելուն, բարձր գիներու, տեղաբնիկներու մօտեցման, վերաբերմունքի, եւայլ պատճառներով: Յաջորդեց բուռն քննարկումներ տարբեր էջերու մէջ, կը տեսնէի թէ ինչպէս մարդիկ վրդոված են իրավիճակէն, եւ ի հարկէ հնարաւոր չէր զսպել ջղայնութիւնս, մանաւանդ երբ բանը հասած էր անոր, որ կրկին անգամ հայը կը բնովէ իր հայրենիքը, որ վատ թէ լաւ, նեղ թէ լայն, դուռ մը բացած է իր առաջ, որպէսզի գլուխը փրկէ այս խելայեղ օրերուն: Ես արդէն վեց տարի է ինչ կ’ապրիմ Հայաստանի մէջ, հնարաւոր է վեց տարին բաւական ժամանակ չէ, բայց այդ տարիներու ընթացքին երբէք չխաբուեցայ, ոչ ոք ինծի վիրաւորեց կամ նեղացուց միայն այն պատճառով, որ սփիւռքահայ…