երկու զոյգ աչք,
երկու զոյգ շուրթ,
րոպէ մը լուռ:
երկու հատ սիրտ,
կեանք մը անգութ,
սէր մը անհուր:
խամրա՜ծ, պաղա՜ծ.
դեռ չ’սկսած:
մեղքո՞վ էր ինք,
որ մոխրոտ էր հոգին արդէն:
անխի՞ղճ էր ան,
որ անփորձ էր սիրտը մաքուր:
յանցաւորը միւսն է, որ կար,
եւ այն միւսը, որ դեր չ’եղած՝
եղաւ անցած: