Անվերջ այս ճամբուն վրայ
Ճամբորդներ ենք ակամայ.
Այս լուռ երթին բազմամեայ,
Մասնակիցներ մոլեռանդ:
Անտեղեակ ենք մենք աւաղ,
Թէ ինչ դաւեր կը հիւսուին
Մութին մէջը գիշերուայ՝
Շուքին տակը մեր երթին:
Մասնակցելով այս վազքին՝
Մեքենական մեր կեանքով,
Կերտողներ մենք կը դառնանք
Այդ սպանիչ խաբկանքին…