Uncategorized

«Ճերմակ ջարդ» չէ, ամբողջ հայութեան չքացում կը սպառնայ

Կարդալով Հայրենիք կայքին մէջ տեղադրուած յօդուածը ու զգալով այն աղետալի վիճակը, որուն մէջ կը գտնուի մեր ազգը այսօր՝ հայրենիքի մէջ կամ դուրսը, որոշեցի մի քանի մեկնաբանութիւններ հաւաքել այս յօդուածիս մէջ մի քանի կետով:

 Ա. Նախ անդրադառնամ յօդուածին սկիզբը գրուած այս տողին՝ «…սուրիահայութեան արտագաղթը, կամ նոյնիսկ Հայաստան ներգաղթը, չքաջալերուեցաւ՝ արդարացիօրէն։»

Կը կարծեմ, որ արդարացի չէր, չէ եւ երբեք չի կրնար ըլլալ Հայաստան ներգաղթի չքաջալերող որեւէ կոչ կամ յայտարարութիւն քանի որ՝

1- Հայրենիք ներգաղթի որեւէ առիթ, ալիք, ցանկութիւն կամ նախաձեռնութիւն միայն քաջալերանքի արժանի է՝ մէկ կողմ դնելով այն բոլոր դժուարութիւնները որոնց մէջ կը գտնուի հայրենիքը այսօր, եւ որոնց պատճառով այդ սուրիահայերը իրենց հերթին իրենց բաժին դժուարութիւնները պիտի կրեն այնտեղ հաստատուելու ճանապարհին, ի դէպ յօդուածին մէջ կայ այս տողը, որը նոյն յաջողութեամբ կրնար վերաբերիլ Հայաստանին՝ «Տեղափոխուիլը միշտ դժուար եղած է։ Բայց մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ վարժ ենք կառուցելու։», բայց յստակ է, որ յօդուածը միտուած չէ բարձրացնել այդ միտքը:

2- Այդ նոյն կառոյցները, որոնք համայնքի պահպանման կոչ ըրին, պաշտոնական կամ ոչ պաշտոնական (համակիրներու եւ հետեւորդներու միջոցով) քարկոծեցին Հայաստան ներգաղթողներուն, ի դէպ այդ կառոյցներէն որոշները, տասնամեակներ «Դէպի երկիր» կամ նոյնիմաստ այլ լոզունքներով սերունդներ դաստիարակել ձեւացուցած են՝ իսկ այսօր ճիգ չեն խնայէր սուրիահայերուն՝ ըլլան անոնք, Սուրիա, Լիբանան թէ նոյնիսկ Հայաստան, դէպի Գանատա գաղթին ինպաստ գործունեութիւն ծաւալելու՝ որոնց մասին նոյնպէս նշուած է յօդուածին մէջ:

Բ. Յօդուածը կարծես գովազդային նիւթ ըլլայ:

Այստեղ ոչ միայն կ’արդարացուի ու կը փառաբանուի այդ կառոյցներուն եւ համայնքին գործունեութիւնը դէպի Գանատա գաղթը կազմակերպելուն, նաեւ շատ ճոխ ձեւով կը գովազդուի երկիրը նշելով բացասական եւ դրական կողմերը թէ ինչպէս «գործ գտնելը սուրիահայութեան դիմագրաւած մեծագոյն տագնապն է», «..ամէն մէկ ընտանիք պիտի զգայ որ առանձին է իր կեանքը բարելաւելու դժուար գործին մէջ..» կամ այն որ «..գործարարներ մեծ ջանք կը թափեն իրենց անձնական գործերուն մէջ տեղաւորելու սուրիահայ պաշտօնեաներ:» եւ անպայման նշեմ «..տարբեր համայնքներ կը փորձեն օգտակար դառնալ սուրիահայ գաղթականներուն, ապահովելով անոնց տնտեսական եւ հոգեբանական աջակցութիւններ, աշխատանք ապահովելու հնարաւորութիւններ..»

Արդեօ՞ք Հայաստանի գործարարներէն շատեր՝ հնարաւորութեան սահմաններէն նոյնիսկ դուրս չփորձեցին գործի առիթներ ստեղծել սուրիահայերուն, կամ Արդեօ՞ք առկայ եւ նորաստեղծ կազմակերպութիւններ, չփորձեցին եւ դեռ չեն փորձեր օգնել այդ ընտանիքներուն, որ յարմարուին հայրենի կեանքին՝ շատ երկար կրնամ գրել անուններով եւ օրինակներով, բայց ես չեմ ուզեր հոս գովազդով զբաղուիլ, իսկ այդ բոլոր օրինակները այսօր մեր աջքին առջեւ են:

Բայց մի քանի տարի առաջ երբ դէպի Հայաստան հոսքը սկսաւ մէկը չեղաւ, որ իրենց ըսէ՝ «Տեղափոխուիլը միշտ դժուար եղած է։ Բայց մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ վարժ ենք կառուցելու։», այլ ընդհակառակը կոչեր հնչեցին համայնքը չդատարկել, ինչը առնուազն անընդունելի էր իսկ ծայրայեղ դատելու պարագային կարելի է որակել ազգադաւութիւն, որ ղեկավար մը հանդէս գայ իօգուտ հայրենիք տեղաշարժի դէմ, յատկապէս պատերազմական իրավիճակի մը մէջ:

Այդ բոլոր փաստարկներէն Հայաստանի մասին չենք կրնար ըսել միայն այն, որ Հայաստանը հզօր տնտեսութիւն ունեցող երկիր է, իսկ մնացած բոլոր փորձերը սուրիահայերուն օգնելու հաստատուիլ կատարուեցան եւ դեռ կը կատարուին, բայց այդ բոլորէն անտեղեակ է կամ կ’ուզէ անտեղեակ ըլլալ համայն սփիւրքը իր հոգեւոր եւ աշխարհիկ իշխանութիւններով:

Ի վերջոյ, վերջին տարիներու գործունեութիւնը ցոյց կու տայ, որ՝ «դատարկ հայրենիք եւ «հզօր» սփիւռք» բանաձեւը աւելի նպատակահարմար է թէ՛ հայրենի եւ թէ՛ սփիւռքի՝ հոգեւոր եւ աշխարհիկ, իշխանութիւններուն:

Գ. Համակերպում

Ըստ հոգեբանական ծանոթ՝ Էլիզապեթ Քիւպլէր-Րոսսի, թեզի վիշտը ունի հինգ փուլ՝ Հերքում, Բարկութիւն, սակարկութիւն, ընկճում եւ համակերպիլ:

յօդուածագիրը կարծես համակերպման փուլին մէջ է, համակերպիլ այդ մտքին հետ, որ հայը միշտ պիտի ըլլայ թափարական: Անշուշտ Համակերպումը ըստ վերոյիշեալ թեզի ընդունուած է համարել վշտի հանդէպ յաղթանակ, սակայն այս պարագային մեծ պարտութիւն է:

Ինչպէ՞ս կարելի է տօնել սփիւռք երբ գոյութիւն ունի ճգնաժամի եւ աղէտի մէջ գտնուող եւ իւրաքանչիւր ներգաղթողի՝ հարուստ կամ աղքատ, պատերազմէ փախած թէ ազատ կամքով տեղափոխուած, կարիքը ունեցող հայրենիք, ինչպէս կարելի է շարունակել գաղութներու լայնացումը եւ այդ չտեսնել որպէս պարտութիւն, երբ այդ գործին վրայ ծախսուած ներուժին կէսով կարելի պիտի ըլլար իրապէս հզօր հայրենիք մը կերտել անցեալ 25 տարիներու ընդացքին: