Կարդալով Հայրենիք կայքին մէջ տեղադրուած յօդուածը ու զգալով այն աղետալի վիճակը, որուն մէջ կը գտնուի մեր ազգը այսօր՝ հայրենիքի մէջ կամ դուրսը, որոշեցի մի քանի մեկնաբանութիւններ հաւաքել այս յօդուածիս մէջ մի քանի կետով: Ա. Նախ անդրադառնամ յօդուածին սկիզբը գրուած այս տողին՝ «…սուրիահայութեան արտագաղթը, կամ նոյնիսկ Հայաստան ներգաղթը, չքաջալերուեցաւ՝ արդարացիօրէն։» Կը կարծեմ, որ արդարացի չէր, չէ եւ երբեք չի կրնար ըլլալ Հայաստան ներգաղթի չքաջալերող որեւէ կոչ կամ յայտարարութիւն քանի որ՝ 1- Հայրենիք ներգաղթի որեւէ առիթ, ալիք, ցանկութիւն կամ նախաձեռնութիւն միայն քաջալերանքի արժանի է՝ մէկ կողմ դնելով այն բոլոր դժուարութիւնները որոնց մէջ կը գտնուի հայրենիքը այսօր, եւ որոնց պատճառով այդ սուրիահայերը իրենց հերթին իրենց բաժին դժուարութիւնները պիտի կրեն այնտեղ հաստատուելու ճանապարհին, ի…