հերոսներ եւ աստուածներ երգեցե’ք
Պատուհանէն այն կողմ՝ կարմիր աշտարակ, մշուշոտ երկինք
Մշուշէն այն կողմ՝ անծիր տիեզերք, աստղեր, աստուածներ
Նստած կը մղեն մարտն հանապազորդ, մեծ խաղը կեանքի
Նիրհողներն երկրի կը լսեն իրենց, որպէս սոսկ երազ,
Ու վառ աստղերուն երանի կու տան, որ գահ են անոնք՝ վկաներ փառքի
Պատուհանէն այս կողմ՝ մութ սենեակ, պատեր, միայնակ մութ սիրտ
Մութ սիրտէն այս կողմ՝ մոխրոտած հոգի, եւ անսահման միտք
Պարկած կը ջարթէ վախերն աշխարհի, մեծ խաղը մահուան
Կը գրէ վաղուայ երազը կեանքի
Ողջերը երկնի կը նային ներքեւ, որպէս մի խենթի,
Ու նիրհողներուն երանի կու տան, որ կ’ապրին անոնք՝ օրերը փառքի