Զանգը հնչեց, շուրջս բոլորը խուճապի մատնուեցան, ոչ ոք կ’ուզէ ուշանալ, ոչ ոք կ’ուզէ ետ մնալ թռիչքէն, իսկ ես դեռ չեմ ուզեր տեղէս շարժիլ, անսովոր զգացում մը, չեմ գիտեր՝ արդէն սկսած եմ կարօտնալ այն ամենը, ինչը ետիս թողած կ’առաջանամ, թէ վախցած եմ այն ամէնէն ինչը ինծի կ’սպասէ թռիչքին միւս ծայրը:
Ասեղով սրսկուելէն վախցած մանուկի մը պէս նստած եմ, եւ համարեայ վստահ եմ, որ վայրէջքէն յետոյ պիտի նայիմ շուրջիններուս եւ ըսեմ.
– Աս է՞ր, չզգացինք ինչպէս թռաւ:
Եւ ինքնագոհ պատմեմ նոր վախցողներուն թէ ինչ դիւրին էր, բայց առայժմ ես կը վախնամ:
Զանգը կրկին հնչեց, այս անգամ արդէն անունս կը կանչեն, ուշացման պատճառ չդարձած երթամ գրաւեմ տեղս: Յուսով եմ պատուհանին մօտ կ’ըլլայ, որ գոնէ վերջին անգամ նորէն նայիմ ետ:
Թռիչք «ՄԹ2011-Տ»՝ մնաս բարի… «ՄԹ2012-Տ» ինչպէս կ’ըսեն.. «բռնուի գալիս ենք»: