Անդրանիկ Ծառուկեան իր «Հին Երազներ, Նոր Ճամբաներ» գիրքը գրած է աւելի քան յիսուն տարի առաջ, բայց այնտեղ նշուած միտքերը արդիական են դեր այսօր, եւ դժբախտաբար պիտի շարունակեն այդպէս մնալ դեր շատ երկար ժամանակ, ստորեւ կը մէջբերեմ գիրգէն հատուած մը, որը արաւելագոյնը կը նկարագրէ մեր ազգի վիճակը այս օրերուն երբ աշխարհը դարցած է երացող իւղով լի կաթսայ մը, որ ամեն րոպէ պատրաստ է պայթելու.. Երեւի հետագային եւս հատուածներ մէջբերելու կարիգը զգամ, բայց այս օր այսքանը…
«Ծնած եմ հայրենիքէն դուրս, ու մեծցած գաղութներու մէջ: Իմ անձիս պէս կը ճանչնամ գաղութահայ մարդուն հոգին, հոգեբանութիւնը: Արարատին համար՝ արցունք ունի, Էջմիածնին վրայ՝ օրհնութիւն ունի, սէ՜ր եւ պաշտամունք ունի, Երեւանին համար՝ կարօ՜տ ունի, բայց իր բոլոր արցունքներուն եւ սէրերուն եւ կարօտներնու տակ՝ վերջին միակ հարցու մը ունի.- «Ի՞նչպէս է ապրուստը այնտեղ…»:
Արարատը՝ անշո՛ւշտ: Սեւանը՝ Ի հա՜րկ է: Հայրենիքը, Հայաստանը, դարաւոր երազները, Էջմիածինը, սուրբերը, սրբութիւնները, հայ պետականութիւնը՝ ամէն բանէ վե՜ր, բայց .- «Ի՞նչ կ’արժէ այնտեղ մէկ քիլօ հացը…»:
Գաղութահայ մա՛րդ, կը ճանչնամ քեզ:
Գաղութահայ մա՛րդ՝ կրնաս հանդէսներուդ, բեմերուդ եւ ակումբներուդ մէջ հայրենիքիդ համար մեռնիլ,- ու անպայման սուտ չեն զեղումներդ – բայց կը բաւէ որ իրական քայլ մը նետելու ժամը հնչէ դէպի իրական հայրենիքդ, ու արդէն իսկ մխրճուած ես պախալի թուանշաններուդ մէջ: Ի՛նչ կ’ուզես եսէ եւ երէ, բայց, Աստուծո՛յ սիրոյն, գայլի ծանօթ աւետարանէն էջ մի բանար ինծի, յիշեցնելով թէ հացը չէ փնտռածդ, պանիրն ու շաքարը չեն, թէ սիրո՜վ կը հրաժարէիր բարեկեցութենէդ, հայրենիքիդ սիրոյն յանձն կ’առնէիր ամէն զրկանք ու տառապանք, միայն թէ թոյլ տային քեզի ազա՜տ ապրիլ, հպա՜րտ ապրիլ, գլուխդ բարձր կանգնիլ հայրենիքին մէջ: Այդ բոլորը յուզիչ են, գեղեցիկ են, բայց եւ բացարձակապէս անիմաստ են: Ու կրնան ծառայել, շատ շատ, շրջաբերականով յօդուած գրող ու սիւնակի համւով գանծում կատարող խմբագիրներուդ, ճառախօսներուդ, գործիչներուդ պահեստին:
Բռնակալները կ’ատես, բռնութեան տակ չես կրնար ապրիլ՝ բայց կը բաւէ որ ապրած երկրիդ մէջ բռնակալ մը յաջողի ձեռք առնել պետութիւնը, ու արդէն իսկ մրցումի մէջ ես ուրիշներուն հետ, ժամ առաջ շնորհաւորելու համար նորին վսեմապատւութիւնը՝ հաւատարմութեանդ խորին հաւաստիքով եւ ընդմիշտ իրեն ծառայելու հանդիսաւոր երդումով, մինչեւ որ գիշեր մը նախորդը գնդակահարուի եւ ուրիշ բռնակալ մը անցնի անոր տեղը, ու միւս օրն իսկ դուն վերսկսիս յաւիտենական հաւատումներուդ: Վատութիւն չէ անշուշտ ինչ որ կ’ընես, որովհետեւ հայրենազուրկ ու տարագիր ժողովուրդ մըն ես, որուն համար խոհեմութիւնը վատութեան ցուցանիշ մը չէ անպայման: Բայց ինչ որ վատութենէն աւելի բան մըն է, վատթարագոյնը բոլոր կեղծիքներուն, այն սնամէջ կարգախօսն է, որով աշխարհի բոլոր բռնակալներուն առջեւ սողալը ողջամիտ ընթացք կը համարես, իսկ Հայրենիքիդ տէրերուն ու պաշտպաններուն առջեւ գլուխ չծռելը՝ Բագրատունեաց տոհմէն ուղիղ քեզի անցած ցեղային ժառանգ եւ առաքինութիւն…
Գաղութահայ մա՛րդ, կը ճանչնամ քեզ…»
«Գալով քեզի, գաղութահայ մա՛րդ, դուն շարունակէ ունկնդրել գաղափարական մունետիկներուդ յանկերգը, ծափահարելով օր մը աջին, օր մը ձախին: Ես գիտեմ, թէ Հայրենիքէն քեզի բերուած բոլոր նուէրներուն մէջ, ու Հայրենիքին դէմ քեզի տրուած կարգախօսներուն դէմ՝ խոր գոհունակութեամբ պիտի պահես մտքիդ մէջ այս մտածումը՝ որ վսեմական ոչինչ ունի, հերոսական ոչ մէկ պատկեր կու տայ քեզի, փոխարէն տալով այն ապահովութիւնը, որ օր մը եթէ Հայրենիք իյնաս, վտանգ չկայ այլեւս, թէ այնտեղ անօթի կը սատկիս…»
Անդրանիկ Ծառուկեան, «Հին Երազներ, Նոր Ճամբաներ»