• ՍկուտեղԷն այն կողմ

    Արդէն երկրորդ տարին թեւակոխած եւ հանգուցալուծման մօտենալ չցանկացող Սուրիական պատերազմը առաջ բերաւ, շարք մը պակաս լուրջ, այնուամէնայնիւ զուտ հայկական խնդիրներ. հազարաւոր հայեր ստիպուած եղան լքել իրենց ծննդավայրը եւ բռնեցին հայրենիքի ճամբան:Հայաստան հասած երիտասարդներուն ոչ առաջին բայց ամէնակարեւոր խնդիրը դարձաւ աշխատանքի խնդիրը, անոնք դժուարութիւն ունեցան համակերպելու Հայաստանեան իրականութեան հետ՝ քիչ աշխատատեղեր, ցած աշխատավարձ, յատկապես, որ անոնց մեծ մասը չ’ուզեց աշխատիլ սպասարկման ոլորտին մէջ: Այստեղ հարկ կը տեսնեմ շատ կարճ ակնարկ մը նետել 90-ականներու Հալէպին, երբ «հոգատար» ծնողները, հետեւելով «նորաոճութեան» եւ կլանուելով թանկարժեք մետաղի փայլքով, որոշեցին, որ իրենց զաւակները պէտք չէ ձեռք բերեն «աղտոտ» արհեստներ, այլ անցնին ոսկերչութեան: Այս ակնարկը ուղիղ կապ չ’ունի ներկայ իրավիճակին հետ. իրավիճակը այնուամէնայնիւ արդիւնքն է առաջինին՝ մերժել…