Անդրանիկ Ծառուկեան իր «Հին Երազներ, Նոր Ճամբաներ» գիրքը գրած է աւելի քան յիսուն տարի առաջ, բայց այնտեղ նշուած միտքերը արդիական են դեր այսօր, եւ դժբախտաբար պիտի շարունակեն այդպէս մնալ դեր շատ երկար ժամանակ, ստորեւ կը մէջբերեմ գիրգէն հատուած մը, որը արաւելագոյնը կը նկարագրէ մեր ազգի վիճակը այս օրերուն երբ աշխարհը դարցած է երացող իւղով լի կաթսայ մը, որ ամեն րոպէ պատրաստ է պայթելու.. Երեւի հետագային եւս հատուածներ մէջբերելու կարիգը զգամ, բայց այս օր այսքանը… «Ծնած եմ հայրենիքէն դուրս, ու մեծցած գաղութներու մէջ: Իմ անձիս պէս կը ճանչնամ գաղութահայ մարդուն հոգին, հոգեբանութիւնը: Արարատին համար՝ արցունք ունի, Էջմիածնին վրայ՝ օրհնութիւն ունի, սէ՜ր եւ պաշտամունք ունի, Երեւանին համար՝ կարօ՜տ ունի, բայց իր բոլոր…