• Փոքրամասնութիւն՝ Մահուան Դատապարտուած

    Այո աւաղ ես փոքրամասնութիւն եմ Մերժեցի դասուիլ շարքերու մէջ, Նմանիս չի տրուիր դասուելու պատիւը: Արենի Տիգրանեան Աշխարհը խեղդուելու եզրին է «Մեծամասնութիւններու» պատերազմին պատճառած համատարած ճահիճին մէջ: Միլիոնաւոր մարդիկ ամէն օր լուսաբացը կը դիմաւորէն յաջորդը չտեսնելու վախով, երբեմն նոյնիսկ յոյսով ու բաղձանքով: Սով, պատերազմ, հիվանդութիւն ահա այդ հսկայական «մարդաղացի» եռոտանին, որուն վրայ հիմնուած է մեքենան, իսկ շարժիչը ագահութիւնն է: Իսկական փոքրամասնութիւններուն ագահութիւնը, որ կախարդական սրինգներու հնչիւններով իրենց ենթարկած են միլիոնաւոր մարդկանց ուշադրութիւնը, եւ դառցած կեղծ «մեծամասնութիւններ»: Ինչքան կը խտանան ամբոխներու շարքերը, այնքան կը չքանայ ամօթը եւ ի յայտ կու գան ամբողջ փողերախումբերու կազմերը, ռազմական քայլերգերով: Քայլերգերով կ’ուղորդեն ամբոխներու քայլերթերը, ընդդէմ միմեանց: Եւ ահա բախման պահին է որ կը լսենք իսկական սրինգի…

  • Ալէքսին Արկածները ՄիԳ-երով եւ Միլլիոններով

    Քաղաքական համաշխարհային դոհ ու բոհին մէջ անգամ մը եւս հայրենի լրատուամիջոցները մասնակից կը դառնան խայտառակ միջադէպի մը: Աւելի քան տարի մը առաջ անդրադարձած էի լրատուամիջոցի մը մէկ այլ խայտառակութեան, որ «թեժ նիւթ» ստեղծելու նպատակով նկարահանած էր տեսանիւթ մը, որ կրնար դառնալ ազգամիջեան ատելութիւն սերմանելու միջոց, բարեբախտաբար չդարձաւ: Այս անգամ հերոսն ու հեղինակները տարբեր են, բայց ինչքան զաւեշտալի թուի, իրականութեան մէջ խնդիրը աւելի վտանգաւոր է ու գռեհիկ: Ես իհարկէ միայն կրնամ ցաւակցիլ հերոսին՝ իր ապրած փորձութիւններուն համար, բայց չեմ կրնար ներել ո’չ իր, եւ ո’չ իրեն բարձրախօս երկարած լրատուամիջոցներուն, որոնք կրկին անգամ ամբողջ ժողովուրդի մը ողբերգութիւնը դարձուցած են եկամուտի աղբիւր՝ ամենազզուելի «սցենարով»: Չեմ ուզեր անդրադառնալ Ալէքսին եւ իր հեքիաթային չափազանցութիւններուն. իր տեսակին ծանօթ…